2016-07-28 09:48:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Լեհաստան այցելութեան երկրորդ օրը` Այց Czestochowa-ի սրբավայր։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապետին Լեհաստան կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը չի հայիր միայն երիտասարդութեան համաշխարհային հաւաքին այլ անոր ծիրէն ներս ընդգրկուած են այլ հանգրուաններ ինչպէս է պարագան Czestochowa-ի Սեւ Տիրամօր սրբավայրին։

Հինգշաբթի 28 Յուլիսին, Ճամբորդութեան երկրորդ օրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաւօտեան կանուխ, ինքնաշարժով փոխադրուեցաւ  Czestochowa-ի ''Եասնա Կուրա - Սեւ Տիրամօր'' սրբավայր։

Նախ քան դէպի սրբավայր մեկնիլը Նորին սրբութիւնը հանգրուան կատարեց Քրաքովիայի ''Սուրբ Կոյս Մարիամի Ընծայման'' միաբանութեան քոյրերուն վանքը, որոնց առաքելութիւնն է զբաղիլ երիտասարդներու քրիստոնէական դաստիարակութեամբ։ Սրբազան Քահանայապետը այցելեց Վանքի մատուրը ուր պահ մը աղօթքի մէջ ամփոփուեցաւ ու հանդիպում ունեցաւ միաբանութեան անդամ քոյրերուն հետ ու այնտեղ ուսանող երիտասարդներու պատուիրակութեան մը հետ ապա ստորագրեց Վանքի ոսկեմատեանը ու շարունակեց իր ուղեւորութիւնը դէպի Czestochowa։

''Սուրբ Կողս Մարիամի Ընծայման'' միաբանութեան քոյրերուն վանքի ոսկեմատեանի մէջ Նորին Սրբութիւնը արձանագրեց հետեւեալ գրութիւնը ''Շնորհակալութիւն յայտնելով ձեզի  թանկարժէք ծառայութեան, կ՛օրհնեմ ձեզ եւ կը քաջալերեմ ձեր դաստիարակչական առաքելութիւնը` որ է սիրով զարգացնել բարիի, գեղեցկութեան եւ ճշմարտութեան սերմերը զոր Աստուած կը սերմանէ նոր սերունդներուն մէջ։

Czestochowa ժամանելուն Սրբազան Քահանայապետը դիմաւորուեցաւ Թեմին Արքեպիսկոպոսին կողմէ ի ներկայութեան այլ տեղական իշխանութիւնները ներկայացնող պատուիրակութեան։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ Քահանայապետական ''Փափա Մոպիլէով''  ուղղուեցաւ ''Եասնա Կուրա – Սեւ Տիրամօր'' Սրբավայր ուր դիմաւորուեցաւ բազմահազար հաւատացեալներէ որոնց միջեւ շրջան կատարելէ եւ ողջունելէ ետք զանոնք Czestochowa-ի Պօղոսեան Միաբանութեան Վանքի Սեւ Տիրամօր մատրան մէջ հանդիպում ունեցաւ Պօղոսեան Միաբանութեան հայրերու 300 անդամներուն հետ եւ Միաբանութեան Մեծաւորի բարի գալուստի խօսքէն ետք Տիրամօր Սրբանկարին առջեւ լռելեան աղօթեց ու Տիրամօր որպէս նուէր զետեղեց ոսկեծոց վարդ մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.